2013-04-26 12:09:57

«Կը Կանգնինք Բոլոր Հայերու Կողքին` Յիշատակելով Մեծ Եղեռնի Մութ Էջերը» Կ՛ըսէ Օպամա


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հրապարակեց Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին վերաբերեալ իր ուղերձը, որ էականօրէն չէր տարբերեր նախորդ տարուան ուղերձէն, ուր «ցեղասպանութիւն» եզրին փոխարէն ան օգտագործած էր «Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը:
«Հանդիսաւոր կերպով այսօր կը յիշենք 98 տարի առաջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները, որոնց հետեւանքները դարձան 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի վայրագութիւնները: 1.5 միլիոն հայեր կոտորուած կամ մահուան երթի տարուած են Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին օրերուն: Այս կարեւոր օրը մենք կը կանգնինք բոլոր հայերուն կողքին` յիշատակելով Մեծ եղեռնի մութ էջերը եւ նպաստելով հայ ժողովուրդի առաւել պայծառ ապագայի կերտման», ըսած է Օպամա` աւելցնելով, որ «մեր պարտքն է յարգել զոհերու յիշատակը եւ թոյլ չտալ պատմութեան այդ մութ էջերու կրկնութիւնը»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս առնչութեամբ հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը նշուի, որ հակառակ նախագահ Օպամայի` ճշմարտութեան պատշաճ կերպով չանդրադառնալուն, իրենք պիտի շարունակեն իրենց պայքարը յանուն արդարութեան, ցեղասպանութեան ճշմարտացի ճանաչման:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ափսոսանք կը յայտնէ եւ կը նշէ, որ «Օպամայի յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ հայկական կողմի տեսակէտը հարցի մը շուրջ, որ ցաւոտ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ համար»:
Նաեւ կը նշուի, որ Ուաշինկթընի կողմէ այդպիսի յայտարարութիւնները կը խոչընդոտեն 1915-ի դէպքերուն պարզաբանութեան հարցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.